2015-01-31 11:51:05

Ուրուկուէյի նախագահը կոչ կ՛ուղղէ` Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ պատշաճ յարգանք ցուցաբերելու


«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՓրենսաԱրմենիա»-ն, կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա երկրի պետական ձայնասփիւռին եւ պատկերասփիւռին միջոցով Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ խօսած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ կարեւոր նկատած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը:
«Մենք մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք հրեայ ժողովուրդին: Անոնք մեր ազգի կարեւորագոյն մասերէն են: Մենք պէտք չէ մոռնանք նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը: Ուրուկուէյ կը պնդէ, որ պատշաճ յարգանք ու հանդուրժողականութիւն պէտք է ըլլայ մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր յանցանքներու համար», ըսած է Մուխիքա` աւելցնելով, որ միայն խիստ եւ ուժեղ կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ հանդուրժողականութեան ուղղուած մարզումները կրնան դառնալ աշխարհի մէջ խաղաղ գոյակցութեան երաշխաւորը:







All the contents on this site are copyrighted ©.